ԿարևորՀասարակությունՌեպորտաժներ

Հայեր ջան հայատառ գրեցէք անպայման․ կը պնդէ պրն․ Նուպար Տօլմաճեան

7 Փետրուարը համացանցի մէջ հայատառ գրելու օրն է, մեսրոպատառ հայերէնի պաշտպանութեան օր ։

 «Հայեր ջան հայատառ գրեցէք անպայման»․․․ 

Դիմատետրի էջին օրնիբուն այս կոչը ընող անձը մեր բացառիկ հարցազրոյցի հիւրն է՝  պրն․ Նուպար Տօլմաճեան՝ Հալէպի Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը, որը տեղափոխուած է Հայաստան։  Ան վերջին տարիներուն մեծ աշխատանք կը տանի հայերէն լեզուի մաքուր պահպանութեան համար եւ դիմատետրի միջոցով հանրութիւնը կը յորդորէ հայատառ գրելու թէկուզ տառասխալներով։

Ան միակն է, թերեւս որ մեր Արեւմտահայերէն լուրերը առանց բացառելու լսած է եւ ապա բաժնեկցած՝ իր դիմատետրի էջին վրայ։

Արեւմտահայերէն լուրերու կապակցութեամբ ան ըսաւ․«Կը փորձեմ տարածել  լուրերը որ բոլոր հայերն ալ առիթը ունենան լսելու մաքուր հայերէնով, ես որեւէ լեզուի հանդէպ թշնամական կեցուածք չունիմ, պարզապէս կ՛ուզեմ, որ մեր մայրենին մաքուր հնչէ։ Մենք մեր լեզուին թշնամիները դարձած ենք, այդքան որ աղաւաղած ենք։ Նոյնիսկ արտասահամնի մէջ այսքան օտար բառ չէինք օգտագործած»։

Վերջերս պրն․ Նուպար  նաեւ հիւրն էր, Ներսէս Աւետիսեանի «Ներս Արի» հաղորդման, ան իր հետ բերած էր 100 գործածուող բառերու հայերէնները ցուցակով մը, որը ինք պատրաստած էր։

 Հայրենիքի մէջ այսքան աղաւաղել մեր լեզուն անկարելի է, կ՛ըսէ մեր հիւրը։

Սուրիոյ երկարատեւ պատերազմին պատճառով՝ «Դժբախտաբար Հալէպի Մեսրոպեան վարժարանը այժմ փակուած է , ինչպէս նաեւ Ալ-Ուրուպէ մարզական աւազանը, սուրբ Գէորգ եկեղեցին վերանորոգուած է, իսկ Գերմանիկ Վասպուրական ակումբը մինչ օրս կը գործէ»։

Պրն․ Նուպար մեծ ներդրում ունեցած է Գերմանիկ Վասպուրական մշակութային միութեան մէջ զբաղեցնելով քարտուղարութեան պաշտօնը։ Ան նաեւ  վերակազմած է թատրոնը։ Դերակատարութիւն ունեցած է տասնեակ մը թատերգութիւններու մէջ։ Ան մատնանշեց որ, Գ․ Վասպուրական միութեան Տիկնանց յանձնախումբի գործունէութիւնը շատ բեղուն եղած է, յատկապէս հայկական տարազներու ցուցադրութիւնը։

Պրն․ Նուպար Տօլմաճեանի հայերէնի հանդէպ տածած  սէրն ու գուրգուրանքը զինք կը մղեն հետամուտ ըլլալու հայերէնի ջինջ, մաքուր եւ զուլալ օգտագործման։ Անոր նախահայրերը ջարդէն ետք՝ Մարաշէն եկած են Հալէպ։ Անոնք թրքախօս էին, սակայն զաւակները իրարու հետ միշտ հայերէն խօսած են։

Կը յուսանք, որ հաղորդակցութեան այս դարաշրջանին շատերը կը լսեն մեր զրոյցը ու չեն զլանար հայերէն գրելու։

«Մենք բոլորս հայրենիք երազած ենք, մենք բոլորս ալ հայրենիքի մէջ կ՛ուզէինք  հաւաքուիլ ։ Մենք օտար երկիրներ չի գացինք , որովհետեւ հայու վերջին կանգառը Հայաստանն է »,- ըսաւ պրն․ Նուպար Տօլմաճեան։

Անի Զէյթունցեան

Back to top button