Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 9 Դեկտեմբեր. 2024

Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը Դամասկոսի՝ իր աշխատանքները ժամանակաւորապէս կը շարունակի Պէյրութէն, յայտարարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Սուրիոյ զինուած ընդդիմութիւնը խոստացած է չյարձակիլ դիւանագիտական առաքելութիւններուն վրայ։ Պաշար Ասատ ընտանիքին հետ Մոսկուա կը գտնուի, կը տեղեկացնեն ռուսական լրատուամիջոցները։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը 9 Դեկտեմբերին փակ դռներու ետեւ արտակարգ նիստ կը գումարէ ՝ քննարկելու Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը գրաւած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմանին գտնուող Հերմոն լերան սուրիական դիրքերը։ Կէսգիշերին երկրաշարժ մը պատահեցաւ Հայաստանի մէջ՝ Գառնի գիւղէն 9 քմ ․դէպի հարաւ-արեւելք։ Դեկտեմբերի 9-ը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրն է։

Կարդացեք նաև

Back to top button