- «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը կը շարունակուի, համաժողովին կը մասնակցին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, դիւանագիտութեան, քաղաքականութեան եւ մասնաւոր ոլորտներու ղեկավարներ: Համաժողովին վարչապետը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ խաղաղութեան օրակարգին:
- Հունգարիոյ Արտաքին գործոց նախարարը ցանկութիւն յայտնած է Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուժանիւթի ոլորտէն ներս։
- Երեւանի մէջ 12-14 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Միջխորհրդարանական միութեան երիտասարդ խորհրդարանականներու տասերորդ համաժողովը։
- Մատենադարանի պատուիրակութիւնը տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորութեամբ՝ Ամերիկա մեկնած է։Պատուիրակութիւնը Պոսթոնի եւ Նիւ Եորքի հայագիտական օղակներու եւ բարերարներու հետ կը քննարկէ գիտական ու գործնական կապերը խորացնելու կարելիութիւնները։