Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 06 Հոկտեմբեր. 2023

Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան ՝ իրենց անսասաան աջակցութիւնը ընդգծած են Միշէլ, Մաքրոն եւ Շոլց։ Թէեւ Պաքուն հրաժարեցաւ նախնական պայմանաւորուածութենէն , սակայն Կրանատայի մէջ կայացաւ Հայաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ ղեկավարներուն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին քառակողմ հանդիպումը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջազգային այլ գործընկերներուն եւս ներկայացուց ցեղային զտման ատրպէյճանի քաղաքականութեան հետեւանքները:
Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշէլ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրած է Հոկտեմբերի վերջը Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք հանդիպման:
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը կոչ կ՛ընէ անյապաղ ազատ արձակելու Ատրպէյճանի կողմէն ձերբակալուած բոլոր անձերը․ նշուած է հիմնարկութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղ ճգնաժամին վերաբերեալ տարածած յայտարարութեան մէջ։
Սուրիոյ կառավարութիւնը եռօրեայ սուգ յայտարարած է՝ Սուրիոյ մէջ Հոմսի ռազմական ուսումնարանէն ներս սպայ շրջանաւարտներու հանդիսութեան ընթացքին զինեալ ահաբեկչական յարձակումի հետեւանքով զոհուած նահատակներուն հոգւոյն։

Կարդացեք նաև

Back to top button