ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 8 Սեպտեմբեր. 2023

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը 8 Սեպտեմբերի գիշերը ամրաշինական աշխատանքներ կատարած է Ասկերան շրջանին մէջ, որոնք իբր կասեցուած են ատրպէյճանի գործողութիւններուն արդիւնքով, հերթական ապատեղեկութիւնն է, յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր հեռախօսով զրոյց ունեցած է Ամերիկայի պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի հետ։ Քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան դիտորդական առաքելութիւնը ընդլայնած է պարեկութիւնը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին Գեղարքունիք եւ Սիւնիք մարզերու հատուածներուն՝ դիտարկելու որեւէ ռազմական զարգացումներ։

Back to top button