Ատրպէյճան զօրքեր կը կուտակէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին երկայնքով՝ ռազմաքաղաքական իրավիճակը մեր տարածաշրջանին մէջ սրուած է: Այդ մասին Կառավարութեան՝ 7 Սեպտեմբերի նիստին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
7 Սեպտեմբեր՝ ժամը 1:35-ին , Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը հրաձգային զէնքերով կրակած են Գեղարքունիք մարզի Նորաբակ հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Կը յայտնեն Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Ալիեւի ցեղասպանական մտադրութիւններու մասին կասկած չկայ. ըսած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամպոն Քոնկրեսի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակման վերաբերեալ լսումներու ատեն։