ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 4 Սեպտեմբեր. 2023

Այսօր եւս Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ տարածել ապատեղեկութիւն, թէ իբր հայկական կողմը 4 Սեպտեմբերին կրակած է իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ։ Մինչ Արցախի մէջ այսօր ժամը 10:10-ի սահմաններուն ատրպէյճանի զինուժը Սարուշէնի ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զէնք։

Սեպտեմբեր 5-էն սկսեալ Ստեփանակերտի մէջ հացի վաճառքը կտրոններով պիտի ըլլայ, իսկ կտրոնները տրամադրելու գործընթացը այսօր կը սկսի, կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղէն «Մէկ անձի հաշուով պիտի վաճառուի կէս հաց՝ մօտաւոր՝ 200 կրամ»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փութին-Էրտողան հանդիպումը կը կայանայ այսօր` 4 Սեպտեմբերին` Սոչիի մէջ։

Back to top button