Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 31 Օգոստոս. 2023

Մենք պէտք է առաջ մղենք Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու գաղափարը, որովհետեւ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է յատկապէս հիմա: Այդ մասին Կառավարութեան՝ 31 Օգոստոսի նիստին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետը աշխատանքային ընթրիք ունեցաւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իդալկոյի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ: վարչապետը բարձր գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի շարք մը շրջաններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նախաձեռնութիւնը եւ ընդգծեց, որ բեռներու տեղափոխումը արգիլելու քայլը անգամ մը եւս կը վկայէ ԼՂ-ի մարդասիրական ճգնաժամը խորացնելուն միտուած Ատրպէյճանի քաղաքականութեան մասին:
Մարդասիրական բեռնատարները երէկ չի կարողացան անցնիլ Լաչինի միջանցքով Ատրպէյճանի ստեղծած խոչընդոտներուն պատճառով։ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն X-ի մէջ նկար տեղադրած է Լաչինի միջանցքէն։

Կարդացեք նաև

Back to top button