Արեւմտահայերէն լուրեր 25 Օգոստոս. 2023
Հայաստանի վարչապետը դրական գնահատեց Եւրասիական տնտեսական միութեան կառոյցին մէջ ապրանքներու շրջանառութեան կայուն աճը, սկզբունքային համարեց ուժանիւթի ընդհանուր շուկայի ստեղծումը։ Նիստը նախագահող Ռուսաստանի վարչապետը նշեց, որ նոյնիսկ ամենաբարդ հարցերուն հնգեակի երկիրները ի վիճակի են փոխադարձ ընդունելի լուծումներ գտնել: Ծաղկաձորի մէջ ընթացք առաւ ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստը։
Ֆրանսան կը պատրաստուի ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդ բանաձեւի նախագիծ մը ներկայացնել` ատրպէյճանի շրջափակման պատճառով սովամահութեան եզրին կանգնած Լեռնային Ղարաբաղի 120 000 բնակիչներուն օգնութիւն տրամադրելու մասին: Կը յայտնէ ֆրանսական Le Figaro-ն։
Իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդը 24-ժամեայ հացադուլ սկսած է՝ ի աջակցութիւն Արցախի։ Մասնակիցները պահանջած են նախագահ Պայտընէն՝ յստակ քայլեր ձեռնարկելու Ատրպէյճանի նախագահին կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը դադրեցնելու ուղղութեամբ: