ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 23 Օգոստոս. 2023

Անկախութեան հռչակագիրը շրջադարձային փաստաթուղթ մըն է, որմով հիմքը դրուեցաւ մեր այսօրուայ պետականութեան: Այն ընդունուեցաւ 1988 թուականին ծաւալուող Ղարաբաղեան շարժման գագաթնակէտին, Խորհրդային Միութեան մէջ թեւածող տնտեսական, քաղաքական, գաղափարական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ: Նշեց Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ՝ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 33-րդ տարեդարձին առիթով։

23 Օգոստոսի գիշերը, ժամը 01:05-02:00, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Վերին Շորժա հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Կը տեղեկացնէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն նախընտրական քարոզչութիւնը այսօր կը սկսի 23 Օգոստոսէն՝ մինչեւ 15 Սեպտեմբեր: Այս ընթացքին նախընտրական քարոզչութիւնը պէտք է իրականացուի Ընտրական օրէնսգիրքով եւ սահմանուած կարգի պահպանմամբ։

Back to top button