

Հայաստան բարձր կը գնահատէ Եւրամիութեան քաղաքացիներու ձայնը հանդիսացող Եւրոպական խորհրդարանի թիրախաւորուած յայտարարութիւնները, որոնք աւելի ազդեցիկ դարձան Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռներու խախտման ընթացքին, գրած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեան։
Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքը փակելը ցեղասպանութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ ։ Գրած է Միջազգային իրաւունքի յայտնի մասնագէտ, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Մեսրոպ Մաշտոց անուան Մատենադարանի նորընտիր տնօրէն Արա Խզմալեանն ու փոխ տնօրէն Վահէ Թորոսեանը։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են փոխ համագործակցութեան ուղիները, Առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը շեշտուած է՝ հայկական ձեռագիրներու վերադարձը հայրենիք։

