Հայաստանի եւ Արցախի մէջ սուգի օրեր յայտարարուած էին: Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան խօսնակ՝ Հայկ Կոստանեան, ներկայացնելով վերջին տուեալները յայտնեց, որ կայ 16 զոհ, 2 անհետ կորած:
Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլ Առաջին Երեւանի «Սուրմալու» առեւուտրի կեդրոնին մէջ պայթումի տխուր առիթով ցաւակցական հեռագիր յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: «Մարդասէր Աստուած թող ողորմութեամբ ընդունի հանգուցեալներու հոգիները, սփոփէ սգաւորները եւ տուժածներուն պարգեւէ շուտափոյթ ապաքինում»․ըսուած է ցաւակցական հեռագիրին մէջ։
Օգոստոս 16-21 Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Համահայկական կրթական խորհրդաժողով՝ քննարկելու Սփիւռքի հայկական կրթօջախներու հիմնահարցերը։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը Համահայկական կրթական խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ երկու տարին մէկ անգամ պարբերականութեամբ: Այս տարուան խորհրդաժողովին կը մասնակցին 21 երկիրներէն մօտ 90 ներկայացուցիչներ։