ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 25 Սեպտեմբեր. 2023

25 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 6-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան մուտք գործած է բռնի տեղահանուած 2906 անձ։ Աջակցութեան կարիքները ապահովելու աշխատանքները կը շարունակուին ։

Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւն ունեցող բոլոր քաղաքացիները կ՛ունենան այդ հնարաւորութիւնը: Կը տեղեկացնէ Արցախի շտապը։

5 Հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ նախատեսուած է Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում, այդ կապակցութեամբ Հայաստանի Ավտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ պիտի մեկնի։

Երեւանի տարբեր հատուածներուն կը շարունակուին ցոյցերը։

Back to top button