

Իրադրութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին երկայնքով կը շարունակէ մնալ լարուած: Ատրպէյճան կը շարունակէ իր զօրքերու տեղաշարժերը Հայաստանի հետ պետական սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծի երկայնքով: Այդ մասին Կառավարութեան՝ 14 Սեպտեմբերի նիստին ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծելով, որ մարդասիրական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծայրայեղ ծանր է:
Այս գիշեր ատրպէյճանի Զինուած ուժերը Մարտակերտ շրջանէն ներս հրադադարը խախտած են ’ կիրառելով հրաձգային զէնք։ Հայկական կողմէն կորուստներ չկան, կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի մամլոյ ծառայութենէն ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց , որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը տարհանելու հարց չկայ օրակարգին մէջ։ Վարչապետը վտանգաւոր կը համարէ նոյնիսկ նման հարցի քննարկումը, քանի որ, խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղէն մարդոց ելքի մասին, կը նշանակէ համաձայնիլ ԼՂ հայութեան ցեղային զտման եւ հայրենազրկման։ Վարչապետը այս մասին ըսաւ POLITICO Europe պարբերականին տուած հարցազրոյցին։
