ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 6 Սեպտեմբեր. 2023

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Ատրպէյճանի տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր Հայաստանի Զինուած ուժերը 5 Սեպտեմբեր՝ ժամը 21:35-էն 22։00, կրակած են սահմանի հարաւ-արեւմտեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Միացեալ Նահանգները խորապէս անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակի վատթարացմամբ, որը հետեւանք է սննդամթերքի, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու շարունակական արգելափակման, յայտարարած է Պետական քարտուղարութեան խօսնակի տեղակալ Վետանթ Փաթէլ:

Սեպտեմբեր 11-20 Հայաստանի մէջ՝ տեղի պիտի ունենայ «Արծիւ գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնը, կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն :

Back to top button