ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 24 Օգոստոս. 2023

Հայաստանը հաւաստի տեղեկութիւններ ունի, որ ծրագիրներ կը մշակուին՝ Լաչինի միջանցքը միակողմանի բանալու, այսինքն՝ ելք թոյլ տալու, Լեռնային Ղարաբաղ մուտք թոյլ չտալու ուղղութեամբ։ Կառավարութեան 24 Օգոստոսի նիստին՝ այդ մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Ալիեւ պիտի չընդունի Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարարը՝ պատճառաբանելով անոր հայամէտ դիրքորոշումները։ Պատճառը Հայաստանի մէջ Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարարին ըրած յայտարարութիւններն են, ըսուած է ատրպէյճանի կողմէն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած է Ձիթաիւղի օրհնութեան կարգ։ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 1 հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ։

Back to top button