Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 22 Օգոստոս. 2023

Երէկ ժամը 15։30-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Ախպրաձորի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքին ուղղութեամբ, ցաւօք՝ զոհուած է զինծառայող Վանիկ Արամի Ղազարեանը: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն եւ ծառայակիցներուն։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դիմաւորեց Պելճիքայի Թագաւորութեան Արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպը։ Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարարուհին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելեց։ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարը Սեպտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ ՝ մասնակցելու երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանատան պաշտօնական բացումին։

Back to top button