

Օգոստոս 16-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ պիտի մասնակցի ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստին, կը յայտնէ ԱԳՆ խօսնակ՝ Անի Բադալեան ։ Հայաստան ինք դիմած էր ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդին՝ Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման կապակցութեամբ արտակարգ նիստ հրաւիրելու խնդրանքով։
Քոնկրեսական Ատամ Շիֆ Լաչինի միջանցքը բանալու հարցով Ամերիկայի միջամտութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ նամակ մը ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին։
Օգոստոսի 14-ին`, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Վերին Շորժա հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով հայ զինծառայող մը վիրաւորուած է , զինծառայողի առողջական վիճակը ծանր է։ Կը յայտնեն Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
