Աշխարհը կ՛ուղղուի՞ համաշխարհային պատերազմի, թէ՞ արդէն պատերազմը սկսած է


Ակնյայտ կը տեսնենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ի՞նչ կը կատարուի, բայց աշխարհը չի գիտեր այդ մասին։ Դուրսը 8 միլիոն հայութիւն ունինք սփիւռքի մէջ , համայնքներ ունինք , որոնք չեն գիտեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի մասին։ Սփիւռքի ուժը արդե՞օք թերագնահատուած է։ Ցեղասպանութեան հետ գործ ունինք մեր աչքին առջեւ, ինչո՞ւ այդպէս․․․ի՞նչ պիտի ըլլայ արցախահայութեան վիճակը։ Բացառիկ հարցազրոյցի հիւրս՝ Ֆրանսայի Էքս ան Պրովանս համասարանի քաղաքագիտութեան դասախօս՝ Թալին Փափազեանն է։
«Սփիւռքեան համայնքները իրենց դերին մէջ կը գտնուին, եթէ զբաղին հանրային դիւանագիտութեամբ , մարդիկ, որոնք հանրային ազդեցութիւն ունին տուեալ երկրին մէջ, որպէսզի իմացութիւնը լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններու մասին բարձրանայ։ Բայց արդե՞օք սփիւռքը ունի իր առջեւ դրուած յստակ ռազմավարութիւն։ Սփիւռքը, համայնքները ռազմավարութիւն պէտք է ունենան պետութեան հետ համագործակցաբար։ Օրինակ Ֆրանսայի մէջ այդ հանրային կարծիքը մշակելու համար՝ կան որոշ խումբեր, որոնք ամէն օր կ՛աշխատին ատոր վրայ»,- կ՛ըսէ Թալին Փափազեան։




Ըստ մեր հիւրին ՝ նոյնիսկ այս ամէնուն , արդիւնքը երաշխաւորուած չէ։
Արցախի նախագահը յորդորեց ուղերձով մը, սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն՝ ջանքերը համախմբելու իրենց երկիրներու իշխանութիւններուն եւ պահանջելու անյապաղ եւ գործօն քայլեր ձեռնարկելու Ցեղասպանութիւնը կանխելու համար։
«Տուեալ երկրի իշխանութիւնները կ՛որոշեն միջամտել այն պահուն, երբոր այդ միջամտութիւնը կը համապատասխանէ իրենց պետական շահերուն, որը որ այսօրուայ վիճակով դժբախտաբար հայերու համար առկայ չէ, բացակայ է»։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հաստատեց Անգարայի մասնակցութիւնը 2020 թուականի պատերազմին։ Էրտողան նաեւ յայտարարեց , որ Թուրքիան աւելի կ՛ամրապնդէ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներու մէջ։ Միջազգային իրաւունքը չի գործեր, մենք կը գտնուինք իրաւական փակուղիի մէջ եւ աշխարհը կ՛ուղղուի՞ համաշխարհային պատերազմի, թէ՞ արդէն պատերազմը սկսած է։
Ի՞նչ ընել , որ ատոր մասնակիցը չդառնանք։ «Պատերազմը՝ ոչ բացառելու ելքերէն մէկն է, Թուրքիոյ դերը սարսափելի կարեւոր է այս տարածաշրջանին մէջ, պէտք չէ թերագանահատել, Թուրքիան անկիւնաքար է մեր ապագայ անվտանգութեան մէջ եւ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը մեծ է հարաւ Կովկասեան տարաշարջանին մէջ»։
Անի Զէյթունցեան
15, 08, 2023