Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 8 Օգոստոս. 2023

․ ՄԱԿ-ի խումբ մը փորձագէտներ Պաքուին կոչ ըրած են վերականգնելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը։ ՄԱԿի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ շրջափակման պատճառով, վերջին եօթը ամիսներուն փակուած կը մնայ ԼՂ Հայաստանին կապող միակ ճամբան, եւ այս պատճառով բնակչութիւնը խնդիր ունի սննդամթերքի, պարէնի, բժշկական եւ հիմնական անհրաժեշտութիւն ներկայացնող պէտքերու սուր պակասի հետ:

․ Հայաստանէն ԼեռնայինՂարաբաղ ուղարկուած մարդասիրական բեռը կը շարունակէ մնալ Կոռնիձորի սահմանային հատուածին . որեւէ տեղաշարժ չկայ․ յայտնեց Վարդան Սարգսեան «Լուրերու» հետ զրոյցին մէջ։

․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսը ընդունեց Պապական պատուիրակ Փաոլօ Պորճիան՝ ուշադրութիւնը հրաւիրելով Ատրպէյճանի կողմէն շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան։

․ Կիւմրին հռչակուեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան երկիրներու 2024 թուականի սփորթի մայրաքաղաք։

Back to top button