Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 3 Օգոստոս. 2023

Արդէն 9-րդ օրն է, որեւէ նորութիւն չկայ. Կոռնիձորի սահմանային հատուածին արդէն 21 բեռնատարներ կը սպասեն։ Վերջին երկու բեռնատարներուն մէջ քաղցրաւենիք՝ երկար ժամկէտով կը պահուին սառնարանային պայմաններու մէջ: Միւս 19 բեռնատարներու մեծ մասին մէջ, նոյնպէս օրուան ընթացքին միշտ միացած է սառնարանները, որպէսզի այդ բեռնատարներուն մէջ գտնուող դեղորայքը, կաթի փոշին եւ մանկական սնունդը ժամանակէն շուտ չփճանան: Վարչապետը կոչ ըրաւ Ատրպէյճանին չարգելափակել մարդասիրական ուղեբեռի տեղափոխումը Լեռնային Ղարաբաղ։ Այսօր կառավարութեան նիստին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Հռոմի Պապը Եւրոպային կոչ ըրած է Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորման համար լուծումներ գտնելու մասին: Պապին մտահոգած է այն, որ աշխարհի շատ մը երկիրներուն մէջ անընդհատ ներդրումներ կը կատարուին զէնքի, այլ ոչ թէ երեխաներու ապագայի համար։

Back to top button