Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 8 Յունիս. 2023

Սոչիի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան, երկիրներու վարչապետներու խորհուրդի նիստը: Կը քննարկուի, մասնաւորապէս, արդիւնաբերութեան եւ ադոմային ուժանիւթի ոլորտներու համագործակցութեան ընդլայնումը։ Նախատեսուած է ծառայություններու ազատ առեւտուրի մասին պայմանագիր կնքել ։

7 Յունիսին՝ ժամը 22:35-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Խոզնավարի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Այսօր ժամը 10:00-ի դրութեամբ առաջնագիծի իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է:

Գերմանիան կ՛ակնկալէ, որ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու շրջածիրէն ներս անյապաղ ազատ արձակուին նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները: Երեւանի մէջ կայացած ասուլիսին ըսաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայէլ Ռոթ:

Back to top button