Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 7 Յունիս. 2023

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 7 Յունիսին աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն:

Սոչիի մէջ վարչապետը պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ղեկավարներու խորհուրդի նիստերուն, ինչպես նաև Եւրասիական համաժողովին: 6 Յունիսի ՝ ժամը 20:00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանի զինուժը հերթական անգամ հրադադարը խախտած է ՝ կեդրոնական ու արեւմտեան ուղղութիւններուն կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր։

Կը յայտնեն Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն՝ նշելով, որ հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Արամ առաջին, հանդիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյին հետ։ Քննարկուած են Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախի հարցը, կը տեղեկանանք Գանատայի վարչապետին թուիթըրի գրառումէն: «Գանատայի հայ համայնքը հզօր է, եւ երբ այսօր հանդիպեցանք Արամ Կաթողիկոսին հետ, խօսեցանք այդ մասին: Մենք խօսեցանք նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ կատարուած վայրագութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայուն խաղաղութեան մեր աջակցութեան մասին»,-գրած է Գանատայի վարչապետը։

Back to top button