ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 6 Յունիս. 2023

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր այս գիշեր Հայաստանի Զինուած ուժերը կրակած են սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան:

Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար գրած է Հայաստան գալու մասին։ «Երեւան կը մեկնիմ ՝ Եւրամիութեան բարձր մակարդակով բանակցութիւնները շարունակելու համար»,-գրած է ան Թուիթըրի մէջ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Տ․ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։

Այսօր աշախարահռչակ երաժիշտ երգահան Արամ Խարատրեանի ծննդեան 120 ամեակն է։ Քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ Երեք օր շարունակ, Երեւանի Թումօ այգիին մէջ պիտի ներկայացուին Արամ Խաչատրեանի գլուխգործոցները:

Back to top button