ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 5 Յունիս. 2023

4 Յունիսին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը հրադադարը խախտած են շփման գիծի կեդրոնական եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ` կիրառելով հրաձգային զէնք։ Բարեբախտաբար հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Այսօր ժամը 10։00-ի դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է։ Կը յայտնէ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Որեւէ մէկը աշխարհի վրայ չի կրնար ժխտել, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներուն հետ կապուած կան բազմաթիւ բաց հարցեր․ ատոնք պէտք է քննարկուին ու հասցէագրուին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի, ընտրուած մարմիններու կողմէն, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է փորձեն ապահովել այդ երկխօսութեան սկիզբը միջոցը եւ հարթակը: Ըսաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին։

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան անդրադառձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմայով բանակցութիւններուն, որը տեղի ունեցաւ 1 Յունիսին Մոլտաւիոյ մէջ։ «Բանակցութիւնները շատ խիտ կերպով կ՛ընթանան , եթէ այս ձեւով կարողանանք պահպանել, եւ միջազգային հանրութեան՝ յառաջընթացի ուժեղ աջակցութիւն ըլլայ , ապա հնարաւորութիւն կայ տարեվերջին ունենալու այդ խաղաղութեան պայմանագիրը»։

Back to top button