Արեւմտահայերէն լուրեր 2 Յունիս. 2023


1 Յունիսին, Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հնգակողմ հանդիպումը: Հայաստանի կառավարութենէն յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրէն, սահմանազատման եւ ապաշրջափակման հարցերէն բացի, քննարկուեցան նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ ապահովութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի կառավարութենէն նաեւ յայտնեցին, որ 21 Յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ կը նախատեսուի Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Միշէլի հանդիպումը: Մոսկուայի մէջ այսօր՝ 2 հունիսին տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օւերչուքի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի եռակողմ աշխատանքային խումբի հանդիպումը։
Քիշինեւի մէջ հայ համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան․ « 2 Յունիսին տարածաշրջանային հաղորդակցութեան հետ կապուած աշխատանքային խումբի հանդիպում նախատեսուած է Մոսկուայի մէջ»։