Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 1 Յունիս. 2023

Այսօր Մոլտաւիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի երկրորդ գագաթնաժողովի բացման արարողութիւնը։ Մոլտաւիոյ նախագահ Մայա Սանտուն կարմիր գորգի վրա դիմաւորեց մասնակից մօտ 50 երկիրներու ղեկավարները , որոնց մէջ նաեւ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս գագաթնաժողովին նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ հինգակողմ հանդիպում: Պաշտօնական Երեւանը նախորդ օրերուն յայտարարեց թէ ՝ Քիշինեւի բանակցութիւններու օրակարգին մէջ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել չէ ներառուած։

Յունիս 1-ը երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է, որը սահմանուեցաւ 1925-ին` Ժնեւի մէջ երեխաներու պաշտպանութեան նուիրուած համաշխարհային ժողովի ընթացքին:

Back to top button