Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 29 Մայիս. 2023

Երեւանն ու Պաքուն համաձայնութեան չեն եկած այնպիսի փաստաթուղթի մը շուրջ, որը կրնայ ստորագրուիլ Յունիս 1-ին Քիշինեւի մէջ։ Յունիս 1-ին Քիշինեւի մէջ պիտի կայանայ հինգակողմ հանդիպում՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ։

«1918 թուականի այս օրը հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մեջ առաջին անգամ կառավարման հանրապետական կարգով պետութիւն ստեղծեց: Առաջին անգամ մեր իրականութեան մեջ ստեղծուեցաւ պետութիւն, որտեղ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին»,- Սարդարապատէն յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Երէկ՝ մայիս 28-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 105-րդ տարեդարձն էր։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Էրտողանը Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին վերընտրուելուն առիթով։

Back to top button