Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 26 Մայիս. 2023

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Քննարկուած են տարածաշրջանային երթեւեկութեան եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր:

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին արձանագրեց, որ նախորդ տարուան ընթացքին Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածքին մէջ ամենամեծ տնտեսական աճը արձանագրուած է Հայաստանի մէջ` 12,6 տոկոսով:

Ուղերձ դպրոցներու շրջանաւարտներուն՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար՝ Ժաննա Անդրէասեանի կողմէն․ մէջբերեմ՝ «Դուք էք պետութեան վաղուայ յենասիւնը, եւ ձեր անձնական պատասխանատւութենէն կը սկսի զարգացած հասարակութեան կայացումը, որտեղ մարդն ու անոր երջանկութիւնը, պետութիւնն ու հայրենիքը գլխավոր արժէքներ են: Բարի երթ»:


Back to top button