Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 24 Մայիս. 2023

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ուղերձ յղեց առկայ արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ՝ կոչ ընելով արցախցիներուն չվհատիլ եւ պատրաստ ըլլալ պայքարի շարունակութեան՝ մէկ կողմ թողնելով ներքին տարաձայնութիւնները եւ մէկ բռունցքի պէս վճռական կերպով ծառայել նոյն նպատակին՝ Արցախի ամրացման ու զարգացման:

«Կան յստակ սկզբունքներ ու կարմիր գիծեր, որոնց խախտումները անընդունելի եւ անթոյլատրելի կը համարենք»:

Լոնտոն կը կարծէ՝ թէ հակամարտութեան ընդհանուր լուծման միջոցով կարելի պիտի ըլլայ վերացնել Արցախի շրջափակումը, եւ յոյս ունի , որ տարածաշրջանի առաջնորդները քաջութիւն, վճռականութիւն կունենան՝ խաղաղութեան հասնելու:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական ուղերձ յղած է Իտալիոյ Նախարարներու խորհուրդի նախագահ Ճորճա Մելոնիին՝ երկրին մէջ օրեր շարունակ տեղացող անձրեւներուն եւ սողանքներուն պատճառած մարդկային կորուստներու տխուր առիթով։

Back to top button