

23 Մայիսի՝ կէս գիշերին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը հրաձգային զէնքերով կրակած են Կուտականի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Առաւօտեան ժամը 8:00-ի դրութեամբ առաջնագիծի իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է, կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
«Միացեալ Թագաւորութեան դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած չէ փոխուած։ Անգամ մը եւս կ՛ամրապնդենք Եւրամիութեան եւ Ամերիկայի դիրքորոշումը այդ ուղղութեամբ», ընդգծեց Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքերթին Երեւանի մէջ։
Քորոնայի նոր տարբերակի յառաջացման սպառնալիքը, դեռ կը պահմանուի , Ժնեւի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային 76-րդ վեհաժողովին ըսաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը: Անոր խօսքով՝ COVID 19-ի մէկ այլ տարբերակի սպառնալիքը կը մնայ , եւ ատիկա կրնայ պատճառել հիւանդութեան եւ մահերու աճ։
