Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 29 Մարտ. 2023

Աշխատանքային այցելութեամբ Գերմանիա գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում-քննարկում ունեցաւ Ֆրիտրիխ Նաուման հիմնադրամի կազմին եւ հրաւիրեալ պատգամաւորներուն հետ։

Խորհրդարանի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ կառավարութեան՝ Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան երկարաժամկէտ մշտադիտարկման առաքելութիւն տեղակայելու որոշումին աջակցելու առիթով։

«Մենք պէտք է օգնենք Հայաստանին եւ կանխենք մարդասիրական աղէտը ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, քանի որ Ատրպէյճանը շրջափակած է Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճամբան։ Մենք պէտք է ճնշում գործադրենք, որպէսզի Ատրպէյճան բանայ Լաչինի միջանցքը»,- նշած է ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Ռասմուսեն CBC-ի հետ զրոյցին։

Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի շրջափակման պատճառով կտրուած է Շուշի շրջանի Մեծ Շէն համայնքի ճամբու կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ, ատիկա մարդասիրական խնդիրներ կը պատճառէ գիւղին մէջ: «Արցախպրես»-ի հետ զրոյցին ըսած է Մեծ Շէն համայնքի ղեկավարը։

Back to top button