ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 27 Մարտ. 2023

27 Մարտին՝ ժամը 9։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը փորձած են յառաջխաղացում կատարել Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճամբու յարակից բարձունքներէն կը յայտնէ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Նշուած հատուածին մարտական հերթապահութիւն կատարող Պաշտպանութեան բանակի կանխարգելիչ գործողութիւններուն շնորհիւ ատրպէյճանական յառաջխաղացման փորձը կասեցուած է։

Եւրոպայի Խորհուրդի Կաշառակերութեան դեմ պայքարի պետութիւններու խումբը կատարած է Հայաստանի մէջ դատաւորներու, պատգամաւորներու եւ դատախազներու շրջանակներուն մէջ կաշառակերութեան կանխարգիլման հերթական գնահատումը , այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութենէն։

Թիֆլիսի մէջ , Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ բացուեցաւ «Թումանեանը եւ Թիֆլիսը» խորագիրը կրող ցուցահանդէս, որը բաց է մինչեւ 13 Ապրիլ: Մինչ Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակի 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը, Խոջիվանքի «Մեծաց Մեծերու» պանթէոնին մէջ հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ Ամենայն հայոց բանաստեղծի հոգւոյն:

Back to top button