Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 24 Մարտ. 2023

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պարզաբանեց, թէ ինչ առաջարկներ ներկայացուցած է Հայաստան Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի քննարկումներու ընթացքին։ Արարատ Միրզոյեան թեմային անդրադարձաւ եգիպտական «AlQahera News» լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
Ստեփանակերտի մէջ դէմ չեն Արցախի մէջ միջազգային խաղաղապահներու տեղակայման հնարաւոր տարբերակին, սակայն կը հասկնան, որ այդ դիւրին որոշումներով լուծուող հարց չէ: Այս հաստատումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան Ստեփանակերտ-Երեւան տեսակապի ընթացքին:
Այսօր` 24 Մարտին տեղական ժամանակով 07:16-ին Իրանի մէջ, Խոյ քաղաքէն 23 քմ․ հարաւ-արեւելք, 5․3 ուժգնութեամբ երկրաշարժը զգացած են Արցախի մէջ, կը յայտնէ Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Երկրաշարժը զգացած են նաեւ Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Արարատի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ։

Back to top button