Արեւմտահայերէն լուրեր 23 Մարտ. 2023


Թալիշ գիւղին մէջ Ատրպէյճանի ղեկավարին ելոյթը դժուար է որակել այլ կերպ՝ քան յարձակողական ․ կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Նման հրեշաւոր սադրանք տեղի ունեցաւ երէկ, երբ Ատրպէյճանական կողմը նպատակային՝ դիպուկահար կրակոցով սպաննեց Հայաստանի ԶՈՒ զինծառայող Արշակ Սերյոժայի Սարգսեանը: Ցաւակցութիւն յայտնելով սպաննուած ժամկէտային զինծառայողի ծնողներուն, հարազատներուն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ այն ակնյայտ փաստին վրայ, որ Ատրպէյճան իրադրութիւնը կը զարգացնէ դէպի նոր իրավիճակի սրում»: Յայտարարեց վարչապետը կառավարութեան նիստին։
Ամերիակի Քոնկրեսի Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կայացած լսումներու ժամանակ յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտէս պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին հարցուցած է, թե որքանով արդարացուած է Ամերիկիայի շարունակական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին՝ հաշուի առնելով, որ այդ երկիրը յարձակողական քաղաքականութիւն կը վարէ հայ ժողովուրդի դէմ:
