

Ատրպէյճանական կողմը կէսգիշերին հերթական անգամ արգելափակած է Հայաստանէն դէպի Արցախ կազի մատակարարումը, կը տեղեկացնէ «Արցախգազ»- ը: Արդէն 100 օր է՝ Արցախի շրջափակումը կը շարունակուի, Ստեփանակերտը նշեց , որ Պաքուն կը վարէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ուժի միջոցով ճնշելու հետեւողական քաղաքականութիւն:
2022 թուականին նախարարութեան Միասնական ընկերային ծառայութեան միջնորդութեամբ աշխատանքի ընդունուած է 10,362 քաղաքացի, կը յայտնեն նախարարութենէն։ Ծառայութեան հաւաքագրած առկայ թափուր հաստիքներուն կարելի է ծանօթանալ Workforall.am հարթակով։
Իսրայէլի զինուած ուժերը դարձեալ հրթիռակոծած են Հալէպի միջազգային օդակայանը։ Կը հաղորդէ SANA գործակալութիւնը: Պայթումները լսուած են Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ:
