Արեւմտահայերէն լուրեր 21 Մարտ. 2023


Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցաւ Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին:
Մոսկուայի մէջ Միրզոյեան-Լաւրով հանդիպման Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է՝ թէ փոխշահաւէտ լուծումներ գտնելու բանալին Մոսկուան կը համարէ 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը, որուն գրեթէ բոլոր դրոյթները, Արարատ Միրզոյեանի գնահատմամբ, Պաքուն խախտած է:
21 Մարտը Մայրերու օր է միջին Արեւելքի մէջ , տօն՝ նվիրուած մայրերուն։ Տարբեր երկիրներու մէջ այս տօնը տարբեր օրերու կը նշուի։ Արեւմտեան աշխարհի մէջ Մայրերու օրը կը նշուի Մայիսի երկրորդ կիրակին։ Մեր մեր բոլոր բանաստեղծները քերթուածներ նուիրած են հայ մայրերուն , «Եկէք այսօր մենք համբուրենք որդիաբար․․» ինչպէս ըսած է Պարոյր Սեւակ։

