Արեւմտահայերէն լուրեր 20 Մարտ. 2023


Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով Մոսկուա կը գտնուի։ Այցի ընթացքին նախատեսուած է հանդիպում Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Հանդիպման կը յաջորդէ երկու երկիրներու նախարարներուն մամլոյ ասուլիսը:
Լաչինի միջանցքը արգելափակելու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը Ատրպէյճանի կողմէն չկատարելու հարցը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդին մէջ բարձրացնելու տրամաբանութիւն կայ, եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի: Ըսաւ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան Ազգային ժողովի պետակա-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին։
25 Մարտին Երեւանի մէջ պիտի հանդիպին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականները: Ակնյայտ է, որ այդ շատ աւելին է, քան պարզապէս մարզական միջոցառում:

