ԿարևորՀասարակություն

Դիւանագիտութիւնը անկարելիին արուեստը․ փրոֆ․ Ասպետ Գոչիկեան

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի մէջ քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց ամպիոնի վարիչ փրոֆ․ Ասպետ Գոչիկեանն է Հանրային Ռատիոյի բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրը։

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը ուրախ է յայտնելու , որ համալսարանին մէջ պիտի բացուին 2 նոր մագիստրոսական ծրագիրներ։ Առաջինը՝ Միջազգային յարաբերութիւններ եւ  դիւանագիտութիւն եւ երկրորդը՝ քաղաքական կառավարում եւ վերլուծութիւն։ Կ՛ակնկալուի , որ վերոնշեալ  ծրագիրի շրջանաւարտները պաշտօններ զբաղեցնեն պետական եւ մասնաւոր ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ՝ Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ, կ՛ըսէ փրոֆ․ Ասպետ Գոչիկեան:  

Ծրագիրը ստեղծուածէ  լրացնելու Հայաստանի մէջ մասնագէտներու բացը՝ մեր երկրին առջեւ ծառացած համաշխարհային մարտահրաւէրները ուսումնասիրելու, դիւանագիտութեան միջոցով ազդեցիկ համագործակցութիւններ զարգացնելու միտումով։

Ծրագիրը նաեւ կը ներառէ հետազօտական բաղադրիչ, որը ուղղուած է զարգացնելու ուսանողներուն  խնդիրներու լուծման  եւ հաղորդակցութեան տեսական եւ գործնական հմտութիւնները։   Ըստ մեր հիւրին՝ «դիւանագիտութիւնը անկարելիին արուեստն է,  պիտի ունենաս ճկունութիւն եւ յարմարուիս փոխանակ մնալու  մէկ ուղղութեան վրայ , ինչպէս օրինակ բարտիին ու հասկին օրինակը , դիւնագիտութիւնը այդ յարմարուիլն է» ։

Փրոֆ․ Ասպետ Գոչիկեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանի մէջ հանրային գործիչի պետական նուիրումի պակասը կայ , պէտք է զարգացնել քաղաքական գործիչի գաղաբարը։ «Մի ըսէք, որ ինչ կու տայ ձեր երկիրը ձեզի համար, այլ հարցուցէք թէ դուք ինչ կու տաք ձեր երկրին համար»։

Ընդունելութեան մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ գտնելու համար դիմել Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի  մագիստրոսական ծրագիրներու  ընդունելութեան հասցէին ՝ [email protected] ։

Back to top button