Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 16 Մարտ. 2023

Եւրամիութիւնը կոչ կ՛ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին օգտուիլ «պատմական հնարաւորութենէն»՝ լուծելու անհամաձայնութիւնները, եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։

Վարչապետ Փաշինեան անյետաձգելի կը համարէ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու համար ՄԱԿ-ի միջոցներ գործարկելը, այս մասին Կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսաւ Հայաստանի վարչապետը։

Փաշինեան յիշեցուց, որ աշխատանքները կը շարունակուին Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք գործուղելու ուղղութեամբ։ Նախարար Քերոբեան նշեց , որ Մոսկուան եւ Երեւանը ամբողջութեամբ հրաժարած են տոլարով եւ եւրոյով հաշուարկներէն եւ կ՛օգտագործեն ազգային արժոյթներ։

Նախարարը յայտնեց է, որ ատոր համար դրամը առայժմ աւելի նախընտրելի է, աւելի քիչ անկայուն է, քան ռուպլին, իսկ վերջին մէկ տարուան ընթացքին տոլարի նկատմամբ դիրքերը ամրապնդած է գրեթէ 20 %-ով։

Back to top button