Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 09 Փետրուար. 2023

Այսօր առաւօտեան Հալէպի միջազգային օդակայանը վայրէջք կատարեց Հայաստանէն ժամանած երկրորդ օդանաւը, որը մարդասիրական օգնութիւն կը տեղափոխէ երկրաշարժէն տուժած մարդոց համար, Սուրիա, կը յայտնէ SANA գործակալութիւնը։ Չորեքշաբթի օր Հայաստան 30 թոն օգնութիւն եւս հասցուց Սուրիա։

Տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը, որը վարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Նախքան օրակարգի քննարկումը՝ վարչապետը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի կազի մատակարարման խողովակը երէկ կրկին փակելուն եւ նշեց , որ 2022թ. Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղին կազ մատակարարող խողովակի հետ կատարած է նման 27 գործողութիւն, որը պատճառ կը դառնայ մարդասիրական եւ բնապահպանական ճգնաժամի:

Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները անյապաղ քայլեր ձեռնարկէ Արցախի ժողովուրդին պաշտպանելու համար, քանի դեռ ուշ չէ, Twitter-ի մէջ գրած է քոնկրեսական Ֆրէնք Փալոն։

Back to top button