Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 07 Փետրուար. 2023

Նոր երկրաշարժ Թուրքիոյ մէջ՝ Երեւանի ժամանակով 07.13-ին այսօր Թուրքիոյ կեդրոնական հատուածին` 5.3 մագնիտուդ հզօրութեամբ: Այս երկրաշարժէն 5 վայրկեան առաջ արձանագրուած է մէկ ցնցում եւս` 5 մագնիտուդ հզօրութեամբ Մալաթիա արուարձանի մօտերը:

Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը դուրսը գիշերած է ՝ ակումբներու եւ եկեղեցիներու մէջ, «Երեկ երեկոյեան մինչեւ լուսաբաց երկրաշարժի թեթեւ յետցնցումները պարբերաբար շարունակուեցան»,- Կը յայտնէ Հալէպի մէջ լոյս տեսնող «Գանձասար» պարբերականը։

Ռուսաստան մտադիր է երկու ԻԼ-76 օդանաւ Թուրքիա ուղարկել մօտ 300 փրկարարներով, Ռուսաստանը օգնութիւն առաջարկած է նաեւ Սուրիոյ, Դամասկոս ընդունած է առաջարկը:

Back to top button