Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 06 Փետրուար. 2023

Երկրաշարժ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հայաշատ քաղաքներուն մէջ․ կան զոհեր և վիրաւորներ Հաաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն զոհուածներու ընտանիքներուն՝ նշելով, որ Հայաստանը պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու։ «Վշտացած եմ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի լուրէն, որը բազմաթիւ մարդկային կեանքերու կորուստին պատճառ դարձաւ։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում։ Հայաստանը պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու»,- գրած է վարչապետը Twitter-ի մէջ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ երկրաշարժի հետեւանքով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ զոհուածներուն մէջ կան ազգութեամբ երկու հայեր, որոնցմէ մէկը՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի երկքաղաքացի է։ Աշխատանքներ կը տարուին նաեւ Թուրքիոյ տարածքին տուժածներուն մէջ՝ Հայաստանի քաղաքացիներու առկայութեան մասին տեղեկութիւն ստանալու ուղղութեամբ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով Պերլին կը գտնուի, կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն։ Նախարար Միրզոյեան հանդիպում պիտի ունենայ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքին հետ, որմէ յետոյ նախարարները հանդէս պիտի գան մամլոյ ասուլիսով:

Back to top button