

«Թուային տնտեսութեան զարգացումը Հայաստանի համար կը մնայ կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը»,- Նշեց վարչապետը Համաժողովի բացման իր ելոյթին մէջ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներուն հետ մասնակցեցաւ թուային համաժողովի լիագումար նիստին:
Արդարադատութեան միջազգային դատարանը խորհրդակցական սենեակ անցաւ՝ Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Ատրպէյճան ընդդէմ Հայաստանի գործերով որոշում կայացնելու։ Այս մասին տեղեկացուց Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան եւ աւելցուց, որ որոշումը կայացնելէն յետոյ Դատարանը պիտի ընթերցէ բաց եւ առցանց հեռարձակուող նիստի ընթացքին։
Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայերը ցոյց կատարեցին ՝ իրենց բողոքը յայտնելով Լաչինի միջանցքի արգելափակման դէմ: Բողոքի ցոյցին մասնակցած է նաև Ամերիկայի քոնկրեսական Ֆրէնք Փալոն: Այդ մասին Փալոն գրառում կատարած է Twitter-մէջ:
