Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 02 Փետրուար. 2023

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ աշխատանքային այցով Ղազախիստան մեկնած է, կը յայտնեն Հայաստանի կառավարութենէն: Վարչապետը Ալմա-Աթիի մէջ պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին և Digital Almaty Awards միջազգային համաժողովին:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, թէ կովկասեան բանակցութիւններու գիծով նոր աւագ խորհրդական նշանակուած է Լուի Պոնօ, որ պիտի համակարգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մէջ հակամարտութիւններու շուրջ բանակցութիւնները:

Ուաշինկթըն յանձնառու է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ բանակցելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը շուրջ, ներառեալ Արցախի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորումը։ Շուրջ 4 միլիառ 500 միլիոն դրամ եւ 1 միլիառ 200 միլիոնի գոյք. Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լովա Սարգսեանի, որդին՝ Նարեկ Սարգսեանի եւ դստեր գոյքն ու դրամական միջոցներն են, որոնք ըստ դատախազութեան ունին ապօրինի ծագում եւ բռնագանձման ենթակայ են:

Back to top button