Ռադիոլուր
Արեւմտահայերէն լուրեր 01 Փետրուար. 2023


Շրջափակման արդէն 52-րդ օրն է։ Արցախցիներու խնդիրները չեն թեթեւնար. հոսանքը օրական 6 ժամով կ՛անջատուի, մթերքի հիմնական տեսակները կտրոնով կը վաճառուին, դեղորայքի պակաս կայ։
ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակընդդէմ դիմումներուն վերաբերեալ որոշում պիտի տայ յառաջիկայ ամիսներուն, լաւագոյն պարագային՝ շաբաթներու ընթացքին: Հարցի հրատապութիւնը նկատի ունենալով` հայկական կողմը խնդրեց արագ արձագանգել իր դիմումին։
Ռուսական կողմը պատրաստակամ է Մոսկուայի մէջ կազմակերպել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի հարցով երկու երկիրներու Արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումը:

