ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 30 Յունուար. 2023

Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Յունուարին այցելած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ անձերուն։ Տեղեկութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին։ Ատրպէյճանի մէջ մինչեւ այսօր 33 անձ կը պահուի։ Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ 19 անձ Լաչինի միջանցքով Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան՝ ընտանիքներին վերամիաւորուելու համար։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեան Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու մասին գրառում կատարած է․«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Երուսաղէմի քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւններուն նկատմամբ վերջին բռնութիւններու եւ վանտալիզմի կապակցութեամբ, որոնք ուղղուած են Հայոց Պատրիարքարանի եւ Հին քաղաքի հայ բնակիչներուն դէմ»,– գրած է Յունանեան։ Երուսաղէմի մէջ ծայրայեղականները յարձակած են հայերու եւ Հայոց պատրիարքարանին վրայ։

Այսօր կը սկսի Առաջաւորաց պահքը: Եկող շաբաթ օրը սիրոյ բարեխօս՝ Սուրբ Սարգիսի տօնն է ։ Այս տարի Մեծ Պահքը պիտի սկսի 20 Փետրուարի ն։

Back to top button