Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 27 Յունուար. 2023

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը քննարկեց Լաչինի միջանցքի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքներու հարցը: Վեհաժողովը ողջունեց Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման զգալի յառաջընթացը։

Ատրպէյճանի կողմէն Արցախը արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ մայրուղին փակուած ըլլալուն պատճառով՝ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը մեղմելու նպատակով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէն Արցախի ժողովուրդին նուիրուած 100 թոն պարենամթերքը, Հայաստանի եւ արտասահմանի բարեգործական կազմակերպութիւններու ուղարկած 250 թոն մարդասիրական բեռը, ցաւօք սրտի կը մնան Գորիսի մէջ եւ տակաւին անկարելի է հասցնել Արցախ։

Արցախի տեղեկատուական շտապէն կը տեղեկացնեն, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ մարդասիրական բեռը Արցախի Հանրապետութիւն հասցնելու ուղղութեամբ:

Back to top button