ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 26 Յունուար. 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելը: Վարչապետ՝ Փաշինեան այս մասին ըսաւ Հայաստանի կառավարութեան 26 Յունուարի նիստի ժամանակ։

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը այսօր՝ 26 Յունուարին, քննարկում տեղի պիտի ունենայ Լաչինի միջանցքի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքներուն թեմայով: Ատրպէյճան 12 Դեկտեմբերէն մինչեւ այս պահը կը շարունակէ փակ պահել Արցախը աշխարհին կապող միակ մայրուղին՝ Լաչինի միջանցքը, բերելով կեղծ բնապահպանական պատճառաբանութիւններ։

Փորթուկալի մէջ առաջին ԹՈՒՄՕ կեդրոնը պիտի բացուի 2023-ին։ Վերջին հինգ տարիներուն հայկական Թումօն կեդրոններ հիմնեց Եւրոպայի մէջ՝ Ֆրանսա, Գերմանիա, Զուիցերիա, Ալպանիա ։ Յաջորդ կեդրոնը պիտի բացուի Լոս Անճելըսի մէջ։

Back to top button