Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Եւրոպայի խորհրդարանի արտաքին հարցերով կոմիտէիին մէջ հանդէս եկաւ ելոյթով : Ան ողջունեց Եւրամիութեան խորհուրդի որոշումը՝ Հայաստան երկարաժամկէտ մշտադիտարկման առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերեալ։ Նախարարը ընդգծեց , որ այդ առաքելութեան նպատակը սահմանամերձ շրջաններու ապրողներուն անվտանգութիւնն է, որոնք կը փափաքին ապրիլ իրենց տուներուն մէջ ։
Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իրազեկեց է, որ ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններ օգտագործելով Արցախի քաղաքացիներուն «Ֆէյսպուք»-ի էջերը, Ստեփանակերտի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն ՝ նպատակ ունենալով խուճապ տարածել բնակչութեան մէջ ։ ՙԿոչ կ՛ընենք չտրուիլ կեղծ լուրերու եւ պահպանել հանգստութիւն՚,-ըսուած է ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի ժամանէ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ էլ-Սիսին: Տեղեկութիւնը հաստատեց Հայաստանի նախագահի աշխատակազմէն՝ Աղասի Մարգարեան: